2014-06-20 13:13:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը ` Մալթայի կարգի Իշխանապետին եւ կրօնական ազատութեան մասին գիտաժողովի մասնակցողներուն հետ հանդիպումներ ։


Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի Ասպետական Կարգի Իշխանապետ` Եղբայր Մաթիու Ֆեսթինկ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Սրբազան Հայրը ապա յաջորդաբար ընդունեց գերապայծառ Նիքոլաս Հէնրի Մարի Տէնիս Թեւէնինը` Կուաթեմալայի մօտ առաքելական նուիրակ, եւ գերապայծառ Սավինօ Պերնարտօ Քացցարօ Պերթոլլոն` Չիլէյի Փուէրթօ Մոնթ թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոսը. Հուսկ ժամը 10,15-ին Քլեմենթինա սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց ''International Drug Enforcement Conference'' –ի 31րդ գիտաժողովի չորս հարիւր հիսուն մասնակիցներուն որոնք 17 -19 Յունիս Հռոմի մէջ համախմբուած են խորհդածելու ''վերջ տալ թմրեցուցիչի վաճառքի ֆինանսաւորումներու կառոյցներուն''։ Վերոյիշեալ ժողովին կը մասնակցին 129 երկիրներէ ժամանած պատուիրակներ։
Իսկ Ժամը 12,15-ին, Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ` ''Կրօնի ազատութիւնը միջազգային օրէնսդրութեան համաձայն եւ արժէքներու ընդհանուր հակամարտութիւնը'' խորագրով Լումասայի համալսարանի կազմակերպած միջազգային գիտաժողովի երկու հարիւր մասնակիցներուն հետ, որոնք 20 եւ 21 Յունիսին Հռոմի մէջ համախմբուած են, խորհրդածելու եւ քննարկելու վերոյիշեալ նիւթին հայող հարցեր։

Հռոմի Լումսա միջազգային համալսարանի կազմակերպած գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ`. ''Վերջերս կառավարութիւններն ու կրօնական դաւանանքները յաճախ բանակցութիւններ ու կոչեր կ'ուղղեն կրօնական ազատութեան ի սպաս։ Կաթողիկէ Եկեղեցին, այդ ուղղութեամբ, հարուստ պատմութիւն մը ունի եւ այդ նիւթը իր գագաթնակէտին հասած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին, ''Dignitatis humanae'' մարդկային արժանաւորութիւնը կոչուած յայտարարութեան հրատարակութեամբ։
Արդարեւ, ամէն մարդկային էակ կը հարցադրէ իր գոյութեան ծագումին ու իր վախճանին մասին, որ կարելի չէ հարստահարել ու խեղդել, քանի այդ հարցադրանքները միտքէն ու սրտէն կը բխին։ Անոնք կրօնական հարցումներ են եւ կարիքը ունին կրօնական ազատութեան։ Անոնք կը մտին պատասխան եւ լոյս գտնելու, գոյութեան նշանակութեան մասին։ Սաղմոսերգուն այդ ուղղութեամբ կը բացագանչէ. ''Կը տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը, լուսինն ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր։ Մարդն ի՞նչ է, որ յիշես նրան, կամ մարդու որդին՝ որ այցի գաս անոր''։
Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ ''Տրամաբանութիւնը կը ճանչնայ կրօնական ազատութեան մէջ, մարդու հիմնական իրաւունքը, որ կը ցոլացնէ անոր բարձրագոյն արժանաւորութիւնը` փնտռելու ճշմարտութիւնը եւ յարելու անոր։
Կրօնական ազատութիւնը մտքի կամ անհատական պաշտամունքի արդիւնքը չէ միայն, այլ ապրում մըն է` բարոյական սկզբունքներու համաձայն, անհատականօրէն եւ հրապարակաւ։ Ասիկա մեծ մարտահրաւէր մըն է համաշխարհականացած մեր աշխարհին մէջ։ Իրաւական, պետական ու միջազգային մարմինները կանչուած են ճանչնալու, երաշխաւորելու ու պաշտպանելու կրօնական ազատութիւնը, որ մարդկային բնութեան պատկանող մէկ իրաւունք մըն է` անոր ազատ ըլլալու արժանաւորութեան իրաւունքը ու նաեւ առոջղ ժողովրդավարութեան յատկանիշ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը, մատնանշելով թէ ''անհասկնալի ու մտահոգիչ կը թուի թէ ինչպէս մինչեւ օրս կան մարդիկ որոնք իրենց կրօնական պատականելիութեան հետեւանքով թիրախ են խտրականութեան ու հալածանքի'' այս առընչութեամբ ցաւ յայտնեց որ ''ներկայիս ամենէն աւելին հալածուածները քրիստոնեաներն են''։
Սրբազան Հայրը իր ճառը եզրափակեց ըսելով. ''Աղօթքս է որ ձեր գիտաժողովը կարողանայ լրջօրէն ու տրամաբանօրէն բացայայտել պատճառները` յարգելու ու կիրարկելու կրօնական ազատութեան իրաւունքը'' ու ապա օրհնեց բոլոր ներկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.